ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ արտադրուած հանքային ջուրերու քանակը՝ Յունուար–Նոյեմբեր 2014ին կազմած է 52 հազար 412.8 լիթր, որ 46.1 տոկոսով կը գերազանցէ 2013ի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:
Նշեալ ժամանակահատուածին 41.6 տոկոսով աւելցած է նաեւ աղբիւրի ջուրի արտադրութեան քանակը եւ կազմած է 28 հազար 979.4 լիթր:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ 2014 թուականի Յունուար-Նոյեմբերին ծխախոտներու արտադրութիւնը աւելցած է 68 տոկոսով՝ 2013ի հետ բաղդատած: Նախորդ տարուան 11 ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 11 միլիառ 505.1 միլիոն հատ ծխախոտ:
Հայաստանի մէջ ընդհանուր արտադրութեան ծաւալը Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն կազմած է 1 եռիլիոն 160 միլիառ 459.5 միլիոն դրամ: 2013 թուականի նշուած ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով անիկա աճած է 2.6 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.