
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 15 Յունուարին Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներուն մարմինները Շիրակի գերեզմանատան մէջ ամփոփուեցան՝ կողք կողքի:
Անկէ առաջ Գիւմրիի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտի արարողութիւն, որուն ներկայ էին մեծաթիւ գիւմրեցիներ, Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէ ժամանած քաղաքացիներ, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան:
Նշենք, որ յուղարկաւորութեան ծախսերը հոգացած է Գիւմրիի քաղաքապետարանը: