ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Ազատութիւն».– 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Պերմեաքովը Հայաստանի մէջ դատելու եւ պատժելու պահանջով Երեւանի մէջ 15 Յունուարին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը սկսաւ Ռուսիոյ դեսպանատունէն եւ աւարտեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան շէնքին մօտ:
Հարիւրաւոր քաղաքացիներ համախմբուեցան Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ոստիկաններուն եւ գործիչներուն միջեւ: Ռուսական դեսպանատունէն ոչ ոք դուրս ելաւ զրուցելու ցուցարարներուն հետ։Կիրքերը աւելի բորբոքեցան, երբ ցուցարարներէն մէկը փորձեց այրել ռուսական դրօշակ մը։ Ոստիկանները չկրցան խլել դրօշակը, իսկ ցուցարարները ոտնակոխ ըրին զայն՝ չկարենալով ամբողջութեամբ այրել։ Իրաւապահները այդ առիթը օգտագործեցին գործիչները ոստիկանական օղակի մէջ սեղմելու համար: Բերման ենթարկուեցան շարժապատկերի բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը եւ Արծրուն Նշանեանը:
Ցուցարարները կը բացագանչէին՝ «Ռուսի ստրուկներ», «Ազատ, անկախ Հայաստան» եւ «Մենք ենք տէրը մեր երկրին»։
Ցոյցին միացան նաեւ նշանաւոր իրաւապաշտպաններ, արուեստի ներկայացոյցիչներ:
Ցոյցի մասնակիցները ապա դեսպանատան մօտէն երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն, ուր բերման ենթարկուեցան վերլուծաբան Արգիշտի Կիւիրեանը եւ այլ գործիչ մը: Դատախազութեան շէնքին դիմացի մայթին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն մօտեցաւ դատախազութեան Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան պետ Վահագն Մուրադեանը:
Գործիչները իրենց պահանջը ներկայացուցին դատախազութեան աշխատակցին, որ տեղեկացուց, թէ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան Գիւմրի կը գտնուի եւ կը զբաղի Պերմեաքովի գործով: Ան ցուցարարներուն յայտնեց, որ Հայաստանի քննչական կոմիտէի քննիչները զօրամաս գացած են եւ քննչական գործողութիւններ կը կատարեն։
«Գնացել են, որ մեղադրանք առաջադրեն այդ տղային մեր օրէնսդրութեամբ: Երբ այդ գործողութիւնը կ՛աւարտուի, խափանման միջոցը ընտրելու հարց է առաջանալու: Այսօր մեր նպատակն է բացայայտել, թէ ինչ է կատարուել: Իսկ այս ամէնը դրան աւելի շատ խանգարում է: Քննարկման արդիւնքում կը պարզուի՝ այդ տղան մեր իրաւապահների տրամադրութեան տակ է լինելու քննութիւնից յետոյ, թէ ո»չ, գործիչներուն ըսաւ Վահագն Մուրադեան:
Դատախազութեան աշխատակիցին հետ զրուցելէ ետք ցոյցին մասնակիցները հեռացան դատախազութեան շէնքին մօտէն:
Աւելի ուշ ոստիկանութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ «իրաւապահ մարմինների օրինական պահանջը չկատարելու» հիմնաւորմամբ ոստիկանութիւն բերման ենթարկած գործիչները տակաւին իրենց մօտ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.