ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքի ընթացքին այնպիսի դէպքեր կը պատահին, երբ արդարը անարդար դատավարութեան հետեւանքով, մտրակի 39 հարուածներու բաժին կը ստանայ, իսկ միւս կողմէ, մեղաւորը արդարացած տուն կ՛երթայ: Ասիկա բնաւ նմանութիւնը չէ՛ անշուշտ, Ղուկասու Աւետարանին մէջ Յիսուսի ներկայացուցած «Փարիսեցիի եւ Մաքսաւորի առակ»ին, երբ մեղաւորը դարձի գալէ ետք, արդարացած տուն կ՛երթայ (Հմմտ Ղկ 18.9-14): Այստեղ շատ յստակ է մեղաւորին դարձի գալու պարագան, որուն ի պատասխան կը տրուի արդարացման երկնային աւետիսը Յիսուսի իսկ բերանով: Սակայն, երբ յանցագործը դեռ կը մնայ մութին մէջ, եւ ընդհակառակը, արդարը կը դատուի իբրեւ յանցապարտ, կը նշանակէ թէ անարդարութիւնը յաղթանակած է, եւ արդարը անարդար վճիռի արժանացած:
Պատմութեան ընթացքին տարբեր քաղաքակրթութիւններու դարաշրջաններուն, իշխող տէրութիւններ՝ թագաւորութիւններ, իշխանութիւններ, ցեղապետներ, իրենց յատուկ պատժամիջոցները յօրինելով՝ օրինագիրքեր հաստատած են, յանցանքին ծանրութեան համապատասխանող աստիճանաչափ որոշելով: Փոքր յանցանքներու համար աւելի մեղմ կամ թեթեւ պատիժներ սահմանած են, իսկ մեծ յանցագործութիւններու պարագային՝ աւելի խիստ, դաժան պատիժներ, մինչեւ իսկ մահապատիժի ամէնէն տանջալից տեսակները:
Հին պատմութեան ղեկավարները կարծէք փորձած են գերազանցել զիրար, միւսին հնարած պատժատեսակէն աւելի չարչարալից ու դաժան պատիժներ հնարելու ճիգ կատարելով: Կարծէք մասնաւոր ջանք թափած են միշտ աւելի սոսկալի պատիժ տալու օրինազանցներուն, անոնց չարչարանքը վախազդու օրինակ դարձնելու համար ամբողջ ժողովուրդին: Պատմութեան ընթացքին երբեմն յիշուած են այնպիսի անմարդկային պատժամիջոցներ, որոնք այսօր իսկ զանոնք ուսումնասիրող անձերուն զարմանք կը պատճառեն եւ մտածել կու տան, թէ՝ արդեօք մարդ էակը իր նմանին համար նման պատժամիջոցներ հնարելէ ետք կրնա՞յ կիրարկել զանոնք… Սակայն եւ այնպէս, այդ պատժամիջոցները կիրարկուած են, եւ մինչեւ անգամ ժայռերու վրայ քանդակուած այդ արքաներու գործունէութիւնը ներկայացնող պատմութեան մէջ նկարուած են անոնցմէ ոմանք, ցոյց տալով մահապատիժին կիրարկման գործընթացը դահիճներուն ձեռքով:
Բնութեան մէջ վայրենի գազաններուն յարձակումները ո՛չ մէկ նմանութիւն ունին մարդու կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներուն հետ: Կենդանիները բնազդաբար գործող, եւ իրենց անսուաղութիւնը փարատել փորձող կամ ինքնապաշտպանութեան դիմող շնչաւորներ են: Անոնք չեն մտածեր իրենց կատարածի արդիւնքին մասին: Անոնց միտքէն շա՜տ հեռու է սպանութիւնն ու արիւնահեղութիւնը, ոճիրն ու թալանը, ուրիշի ունեցած կալուածներուն կամ երկրին տիրացումը: Անասուններէն մէկուն՝ միւսին վրայ կատարած յարձակումները, ճիշդ է որ զօրաւորի եւ տկարի գաղափարը ունի՛ն իրենց մէջ, այսինքն զօրաւորը պարտութեան պիտի մատնէ տկարին, սակայն ո՛չ թէ պարտութեան մատնելէ ետք իր իշխանութեան ենթարկելու, կամ՝ անպայման ոճիր գործելով անոր ինչքին տիրանալու նպատակով, այլ՝ որովայնէն եկող անօթութեան ձայնը կտրելու եւ գոյութիւնը պահպանելու համար:
Գաւազանը իբրեւ պատիժ գործադրելու միջոց, ամէնէն ընդհանրացածն է եղած, եւ մինչեւ մեր ժամանակներն ալ դպրոցներու մէջ սարսափազդու էր: Ուսուցիչը կամ ընդհանուր հսկիչը երբ գաւազանը վեր բարձրացնէր, նոյնիսկ եթէ չզարներ, բոլոր աշակերտներս ալ անոր հարուածին ձայնը կը լսէինք լռելեայն… Գաւազանը նաեւ կենդանիները «կարգի հրաւիրել»ու համար գործածուող ամէնէն ազդու միջոցն է, թէեւ կենդանիներու պաշտպան կազմակերպութիւններ այդ ալ աւելորդ կը գտնեն՝ բացատրելով, թէ այլ միջոցներ կան կենդանիները կրթելու:
Դարձեալ պատմութեան ընթացքին քիչ չէ՛ թիւը այն մարդոց, որոնք բրածեծ եղած են, նոյնիսկ իրենց հոգին աւանդելով գաւազաններու հարուածներուն տակ: Հայոց պատմութենէն իսկ կը յիշենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռ՝ հայոց հայրապետ Յուսիկ կաթողիկոսը, որ յանդիմանելով հայոց թագաւոր Տիրան արքան իր ամբարշտութիւններուն համար, կ՛արգիլէր անոր մուտքը նոյնիսկ Ծոփաց աշխարհի արքունական եկեղեցիէն ներս: Հայրապետական այս յանդիմանութիւններէն զայրանալով, Տիրան կը հրահանգէ բրածեծ ընել հայոց հայրապետը եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւորականներ վերցնելով հայրապետը կը տանին Դարանաղեաց գաւառը, ուր կարճ ժամանակ ետք կը վախճանի ու կը թաղուի նահատակ կաթողիկոսը:
Գաւազանը գործածողներ եւ անոր հարուածները ստացողներ հաւասարապէս չեն անդրադառնար, թէ ծեծող գաւազանը երկու ծայր կ՛ունենայ՝ մէկը զայն բռնելու ծայրը, իսկ միւսը՝ ծեծելու: Անոնք նաեւ չեն անդրադառնար մէկ ուրիշ երեւոյթի, որ կարելի է յանկարծ գաւազանին նաեւ միւս ծայրէն բռնել:
Արդարութեան համար տառապող ու իրենց կեանքի ընթացքին անիրաւութեամբ միշտ գաւազանի հարուածներ ստացող մարդոց տրուած լաւագոյն յոյսը այն է, թէ գաւազանը երկու ծայր կÿունենայ, ու երբեմն յանկարծ այդ միւս ծայրը Աստուծոյ ձեռքը կ՛անցնի…
Գաւազանին միւս ծայրը Աստուծոյ ձեռքը անցնելով, գործողութիւնը ճիշդ հակառակ ընթացքը կը բռնէ… Այս անգամ Աստուած իր անձայն ու անշշուկ գաւազանով մեզ անիրաւօրէն հարուածողները լաւապէս կը դաստիարակէ: Աստուած անգութ չէ՛ մարդ էակին նման, որ բրածեծ ընէ մեր հակառակորդները: Սակայն, Ան ունի այնպիսի միջոցներ, որոնց գործադրումով դարձի կը բերէ եւ ուղղութեան կը հրաւիրէ սանձարձակօրէն ուրիշներուն վնաս հասցնողները:
Ուրեմն, ինչքան ալ հարուածուինք, անիրաւուինք, տուժենք ու գաւազանի տարափին տակ գալարուինք, միշտ պէտք է յիշենք, թէ գաւազանը երկու ծայր ունի: Աստուած միշտ չի՛ միջամտեր մարդոց կեանքին, սակայն գիտէ ե՛րբ բռնել գաւազանին միւս ծայրէն: Կարեւորը վստահութիւն ունենալն է Աստուծոյ արդարութեան, երկարաշունչ համբերութեամբ սպասելով գալիքին:
Իսկ երբ Աստուծոյ ձեռքը անցնի գաւազանին միւս ծայրը, այն ատեն նախապէս մեր ստացած գաւազանի հարուածներուն կապտած բոլոր հետքերը կը սպիանան, ու վերջնականապէս կը չքանայ մինչեւ մեր ոսկորներուն հասած ցաւը: