ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծած է Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններն ու Պաղեստինեան իշխանութեան անդամակցութիւնը Միջազգային քրէական ատեանին: Օպամա վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ նպատակ ճշդած է Իրանի հետ կնքել համապարփակ համաձայնութիւն մը, որ վերջ կու տայ հիւլէական զէնքեր ստեղծելու Թեհրանի ձգտումներուն եւ կը փարատէ միջազգային ընտանիքին մօտ անոր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ մտավախութիւնները:
Օպամա նաեւ վստահեցուցած է, որ իր երկիրը դէմ է Պաղեստինեան իշխանութեան՝ Միջազգային քրէական ատեանի անդամակցութեան, մանաւանդ որ՝ «իշխանութիւնը պետութեան մը յատկանիշները չունի» եւ անդամակցութեան պայմանները չի լրացներ:
«Միացեալ Նահանգները երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ լարուածութիւնը մեղմացնելու», ըսած է Օպամա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.