ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճաշ Ըրնեսթ յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական խնդիրի կարգաւորումը պիտի չլուծէ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող միւս խնդիրները։
Ան մասնաւորաբար յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ բազմաթիւ հարցեր ունենալ Իրանի կառավարութեան հետ, նոյնիսկ եթէ Իրանի հիւլէական խնդիրը լուծուի։
Ըրնեսթ նշած է, որ Ուաշինկթըն շահագրգռուած է Իրանի հիւլէական խնդիրի լուծումով, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ արգելափակուած ամերիկացիներու ազատ արձակումով՝ շեշտելով, թէ արգելափակուած ամերիկացիներու հարցը պատճառ պիտի չդառնայ հիւլէական խնդիրի բանակցութեանց սառեցման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.