ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Շարլի Հեպտօ» երգիծաթերթին վրայ գործուած յարձակումին դէմ Փարիզի մէջ անցեալ Կիրակի կազմակերպուած բողոքի քայլարշաւը առիթ դարձաւ, որ դարձեալ սրին Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ ղեկավարները առիթ չեն փախցներ Իսրայէլը քննադատելու։ Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, որ մասնակցած էր Փարիզի քայլարշաւին, իր մասնակցութիւնը քննադատող կարգ մը շրջանակներուն որպէս պատասխան ըսած էր. «Մասնակցութիւնս, որքան բնական ու անկեղծ էր, Իսրայէլի վարչապետ (Պենիամին) Նեթանիահուին մասնակցութիւնը այնքա՛ն անբնական ու կեղծաւոր էր»։
Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս, որ Անգարայի պալատին մէջ հանդիսաւոր շքեղութեամբ դիմաւորած էր Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը, իր կարգին քննադատած էր Նեթանիահուի մասնակցութիւնը։ «Կարծես, թէ դիտորդները անհամբերութեամբ իրեն կը սպասէին. ան շարունակ ձեռք կը շարժէր դիտորդներուն։ Ի՞նչ երեսով մասնակցեցաւ ան այս քայլարշաւին. ես կը դժուարանամ հասկնալ։ Դուք նախ ձեր սպաննած երեխաներուն ու կիներուն հաշիւը տուէք», ըսած էր Էրտողան։
Նեթանիահու երէկ պատասխանեց Էրտողանի մեղադրական խօսքերուն ու «ամօթալի» որակեց զանոնք։ Ան ըսաւ, որ ոչ մէկ ղեկավար դէմք քննադատած է այս ամօթալի խօսքերը։ «Հանրային կարծիքը պէտք չէ անտարբեր մնայ նմանօրինակ ելոյթներու դիմաց», պնդեց ան։
Հակադարձելով այս յայտարարութեան՝ Տաւութօղլու Յունուար 15ին յայտնեց, որ Նեթանիահու գործած է մարդկութեան դէմ ոճիրներ, որոնք նման են 17 զոհ պատճառած Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն։ «Նեթանիահու՝ իբրեւ ղեկավարը կառավարութեան մը, որ Կազայի մէջ հազարաւոր բնակարաններ քանդեց օդային ռմբակոծման ճամբով, որ Կազայի մէկ ծովեզերքին վրայ խաղցող մանուկներ ջարդեց, որ բոլոր առիթներով պաղեստինցիներ սպաննելը սովորութեան վերածեց, որ միջազգային ջուրերու մէջ մարդասիրական օժանդակութեան նաւու մը վրայ մեր քաղաքացիները սպաննեց, գործեց մարդկութեան դէմ ոճիրներ։ Ան ասկէ փախուստ չի կրնար տալ», աւելցուց ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.