ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 15ի երեկոյեան, Պելճիքայի մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններու արշաւի մը ձեռնարկեց։ Ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Վերվիէ քաղաքին մէջ Սուրիայէն վերջերս վերադարձած անդամներէ կազմուած ահաբեկչական բ« մը դէմ գործողութենէ ետք՝ կանխարգիլած է ոստիկանական թիրախներու դէմ «անմիջական» շարք մը յարձակումներ։ Փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին, ոստիկանութիւնը երկու կասկածեալներ սպաննեց եւ երրորդ անձ մը ձերբակալեց։ Պրիւքսէլի եւ անոր արուարձաններուն մէջ այլ կասկածելիներու փնտռտուքը կը շարունակուի։
Լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, թէ Պելճիքայի մէջ սպաննուած ահաբեկիչները ծրագրած էին ահաբեկչական շարք մը յարձակումներ իրականացնել։ «Կանխուեցաւ երկրորդ Փարիզ մը», յայտնած է ոստիկանական աղբիւր մը։ Ենթադրեալ ահաբեկիչները կը գործէին «Իսլամական պետութեան» յանձնարարականներով։ Անոնց նպատակն էր «փոխադարձել» Միջազգային դաշինքին կողմէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դիրքերուն վրայ օդային յարձակումներու ծրագիրին։
Մինչ այդ, Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի գիշեր, Փարիզի արուարձաններուն մէջ «Շարլի Հեպտօ»ի դէմ յարձակումներուն առնչակից 12 անձեր ձերբակալեց։ Փարիզի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ականահարման սպառնալիք մը ստանալէ ետք՝ երկաթուղագիծի կայարան մը փակած ու պարպած է։
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ
Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը Յունուար 15ին, Պերլինի մէջ խուզարկեց 11 վայրեր՝ ձերբակալելով երկու թուրք կասկածելիներ։ Կը կարծուի, որ անոնցմէ մէկը թուրքերէ, չեչեններէ եւ տաղստանցիներէ կազմուած իսլամ ծայրայեղական խմբակի մը ղեկավարն է։
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ երկու կասկածելիները այն հինգ թուրքերէն էին, որոնք քանի մը ամիսներէ ի վեր ոստիկանութեան եւ դատախազներու կողմէ հետաքննութեան կ՛ենթարկուին։