Առայժմ, դոկտ. Աղախանեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու խոստումներ տուած են հետեւեալ քաղաքական անձնաւորութիւնները.
– Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ.
– Պըրպենքի Կրթական խորհուրդի անդամներ Տէյվ Քեմփ, Թետ Պանչ եւ Շարլին Թապեթ.
– Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ Պըրպենքի նախկին քաղաքապետ Ճես Թալամանթես.
– Պըրպենքի նախկին քաղաքապետներ Ճեֆ Վենտըր Պորկթ, Մարշա Ռամոս, Վինսընթ Սթեֆանօ, Տէյվ Կոլոնոսքի եւ Անիա Ռինքէ.
– Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Թիմ Մըրֆի։
Դոկտ. Արմոնտ Աղախանեան 15 տարիներու փորձառութիւն ունի կրթական եւ հանրային սպասարկութեան մարզերէն ներս ու եղած է շարք մը ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեանց վարչութիւններու անդամ: Ներկայիս, ան անդամ է Պըրպենք քաղաքի վարժարաններու կալուածներու հսկողութեան, ինչպէս նաեւ՝ զբօսավայրերու եւ համայնքային սպասարկութեանց յանձնախումբերու: Ան «Փեփըրտայն» համալսարանէն ստացած է դոկտորի իր տիտղոսը՝ մասնագիտանալով կրթութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն մէջ, իսկ գործարարութեան մարզին մէջ մագիստրոսի կոչումը ստացած է Պըրպենքի «Ուուտպըրի» համալսարանէն:
Պըրպենքի կրթական խորհուրդի այս տարուան ընտրութեանց արդիւնքով պիտի լեցուին խորհուրդին մէջ թափուր մնացած երեք աթոռները:
Դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանի ընտրապայքարին մասին յաւելալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmondforSchoolBoard.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.