ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ իսլամ ծայրայեղականութեան աճելավայրերէն մէկը Ռուսիան է այսօր:
Նոյնքան ակնյայտ իրողութիւն է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մօտէն առնչուած են ծայրայեղականներու ոստայնին հետ եւ կը շահագործեն զայն իրենց ծաւալապաշտական գործողութիւններուն համար: Առանց զոհ երթալու կասկածամոլութեան, Գիւմրիի քրէական գործի յետաքննութեան նախագիծը պէտք է անպայման ընդգրկէ խափանարարութեան վարկածը: Հայ-ռուսական մերձեցման գործընթացը իր դաշնագրային եւ այլ դրսեւորումներով բնականաբար հակասութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի այսօրուան քաղաքական յաւակնութիւններուն հետ: Ան կը դիտուի որպէս վտանգաւոր առանցք, որ ի վերջոյ ինքզինք կը պարտադրէ Կովկասի քաղաքական բեմին չէզոքացնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համաթրքական (pan-turkist), ցեղապաշտ եւ կայսերապաշտ նկրտումները:
Այն ցաւալի իրողութիւնը, որ Ռուսիա այնուամենայնիւ անուշադիր եղած է վերջին տարիներուն իր դաշնակիցին՝ Հայաստանի հանդէպ մեծ քանակութեամբ զինամթերք հայթայթելով Ատրպէյճանի, պէտք է համոզած ըլլայ Ալիեւի մեքենան, որ հայ-ռուսական դաշնագրային կապը թոյլ է իր էութեամբ եւ դիւրաբեկ: Զայն կարելի է քայքայել դաւադրական գործողութիւններով: Գիւմրիի քրէական գործը Մոսկուայի մեծ պատեհութիւնն է միանգամընդմիշտ ջախջախելու թուրքեւատրպէյճանական այդ թէզը: Եւ միանգամընդմիշտ կասեցնելու Ատրպէյճանի սպառազինման վտանգաւոր գործը, որ լուրջ սպառնալիք է ոչ միայն տարածաշրջանի կայունութեան, այլեւ առաջին հերթին՝ Ռուսիո՛յ շահերուն: