Hachettebookgroup.com կայքը կը գրէ, որ 1921ին, հայրենասէրներու փոքր խմբակ մը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ մէկ միլիոն զոհերուն վրէժը լուծել: Անոնք իրենց գործողութիւնը կոչեցին փոխհատուցման յունական չաստուածուհիի անունով՝ «Նեմեսիս»: Անոնք քանի մը տարուան ընթացքին հետապնդեցին եւ ահաբեկեցին թուրք նախկին ղեկավարներ: Այս գաղտնի գործողութեան պատմութիւնը մինչեւ հիմա երբեք ամբողջական կերպով չէ պատմուած:
Կայքը նաեւ կը գրէ, որ Էրիք Պօղոսեան չի բաւարարուիր այս պատմութիւնը օսմանեան եւ հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան պատմութեան ծիրին մէջ պատմելով, այլ՝ նոր լոյս կը սփռէ 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն եւ պատմութեան քաղաքական փոխհատուցման ամէնէն հոյակապ արարքներէն մէկուն վրայ՝ հիմնուելով տարբեր ցամաքամասերու մէջ տարիներով կատարած իր հետազօտութեանց վրայ: «Նեմեսիս»ը ոչ միայն ընթերցողը մակնիսացնող գիրք մըն է, այլ նաեւ՝ չարիքի, վրէժի եւ բռնարարքի հետեւանքներուն մասին խորաթափանց քննութիւն մը:
Էրիք Պօղոսեան գրող է եւ դերասան, որ ծանօթ է իր երգիծական մենախօսութիւններով եւ ընկերային հարցերու մեկնաբանութեամբ: Ան ծնած է Մեսեչուսեց: 1988ին, ան Օլիվըր Սթոնի հետ աշխատակցած է «Թոք Ռետիօ» ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին. անոր մէջ Պօղոսեան ստանձնած է Պարրի Չամփլընի դերը: Այս շարժապատկերին շնորհիւ Պօղոսեան Պերլինի ֆիլմի փառատօնին ստացած է «Արծաթէ Ար»ջ պարգեւը: 1994ին, ան աւարատած է իր թատերգութիւնը՝ «Սըպըրպիա»ն (Suburbia), որ յետագային բեմադրիչ Ռիչըրտ Լինքլէյթըրի կողմէ շարժապատկերի վերածուեցաւ: Իբրեւ դերասան ան երկրորդական դերեր ստանձնած է «Տոլորես Քլէյպըրն»ի, «Անտըր Սիճ 2»ի եւ «Տիքոնսթրաքթինկ Հերջ»ի մէջ: Ան նաեւ դերեր ստանձնած է Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»ին եւ «Չարլիզ Էյնճըլզ՝ Ֆուլ Թրոթըլ»ի ժապաւէնին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.