
ՕՔԼԸՆՏ.- Կիրակի, Յունուար 11ի առաւօտեան, Օքլընտի Սուրբ Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Սուրբ սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները:
Տէր հօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ առաջնորդը դիմած էր Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալ»ջի պատուոյ շքանշանով պարգեւատրէ ծուխէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած Գրիգոր Սողիկեանը: Ցաւալիօրէն, մէկ օր առաջ ան մահացած էր: Սրբազանը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց անոր այրիին՝ Քալին Սողիկեանին, զաւակներուն եւ ծուխի համայն հաւատացեալներուն, ապա պարգեւը յանձնեց Քալին Սողիկեանին եւ աղօթեց հանգուցեալ ամուսնոյն հոգիին համար:
Պատարագի աւարտին, սրբազանը՝ մասնակցութեամբ տէր հօր եւ երգչախումբին, օծումը կատարեց եկեղեցւոյ Մկրտութեան նոր աւազանին եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց: Նորահաստատ Սուրբ աւազանի բարերարներն էին տէր եւ տիկին Կրեկ եւ Քալըն Սողոմոնեաններ:
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, առ ի գնահատանք ծուխին մատուցած իրենց նուիրեալ ծառայութեանց, սրբազանը առաջնորդարանի «Հայ Ոգ»ջ շքանշանով պարգեւատրեց Սուզան Ապնուսը, Էլիզապէթ Օճաքեանը եւ Ժանէթ Եղիսեան-Քանէեանը եւ իր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնը փոխանցեց անոնց: Նաեւ, «Արքեպիսկոպոս»ի մրցանակով պատիւի արժանացան տէր եւ տիկին Պիլ (Անդրանիկ) եւ Պեվըրլի (Երանուհի) Նալպանտեանները։