Էկոյեան խօսած է իր վերջին ժապաւէններէն՝ «Գերիներ»ուն մասին, որուն նիւթը կը ներկայացնէ առեւանգուած փոքրիկ մը եւ անոր ընտանիքին ապրումները:
Հարցազրոյցը վարող շարժապատկերի մասնագէտ Լիզա Նեսըլսըն նկատած է, որ իր վերջին երկու շարժապատկերներով՝ «Գերիներ»ով եւ անհետացած երեք փոքրիկներու մասին պատմող «Սատանայի Հանգոյց»ով, Էկոյեան կարծէք թէ բարկացուցած է իր գործընկերները, քանի որ հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ, որ ոչ մէկ նորութիւն կ՛ըսէ այդ թեմայով արդէն գոյութիւն ունեցող վաւերագրական ժապաւէններէն աւելի:
Արդեօք իրականութիւնը աւելի անհաւանակա՞ն է, քան յօրինուածը. հարց տուած է մասնագէտը:
Էկոյեան, ի պատասխան՝ նշած է, որ իր «Սատանայի Հանգոյցը» պատրաստուած է այն մարդոց համար, որոնք նոյն թեմայով վաւերագրական շարժանկարները չեն տեսած: Ի տարբերութիւն վաւերագրականներու, ըստ Էկոյեանի, իր մեկնութիւնը ցոյց կու տայ արտասովոր, անբնական յանցագործութիւն, կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէս պահես դուն քեզ, երբ կ՛առնչուիս նման անթաքոյց չարիքի:
Էկոյեանի կարծիքով՝ իր աշխատանքը շփոթ կրնայ յառաջացնել, քանի որ շատ մը ժանրերու խառնուրդն է՝ մարդասպանութեան մասին առեղծուածային շարժապատկերներէն մինչեւ սարսարսափազդուն:
Էկոյեան կը խօսի նաեւ մեր աշխարհին մէջ ահռելի թիւով մանկական պոռնկագրութեան մասին, եւ թէ որքան սարսափելի է այդ փաստը:
Շարժապատկերի մասնագէտը կը նկատէ, որ երկու շարժապատկերներուն մէջ ալ Էկոյեան կը ներկայացնէ սարսափելի պատմութիւններ եւ չի բացայայտեր եղելութիւնը մինչեւ վերջ, այդպէս ալ պարզ չի դառնար, թէ ինչ կը կատարուի իրականութեան մէջ: Էկոյեան կը բացատրէ. «Ատիկա կապուած է իմ անցած ճամբուն հետ: Ես հայ եմ»: Ան կը նշէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յարմար առիթ է խորհրդածելու, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է:
Խօսելով Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ժխտողականութեան մասին՝ Էկոյեան կը նշէ, թէ մեր աշխարհին մէջ ալ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակով գործ ունինք բանի մը հետ, որ պէտք է շատոնց լուծում գտած ըլլար, բայց այդպէս չէ: Ան կը նկատէ նաեւ, թէ Արեւմուտքն է, որ Թուրքիոյ թոյլ կու տայ ժխտողական ըլլալ: Իսկ, հարցազրոյցին մասին խօսելով՝ ան կը յայտնէ, որ հոյակապ է գտնուիլ երկիրի մը մէջ՝ Ֆրանսայի, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.