«Ամէն հայ պիտի զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի». Բեկոր Աշոտի նշեալ խօսքին շատեր հետեւեցան, երբ 1988ի Արցախեան պոռթկումի օրերուն, իրենց ընտանիքները թողնելով մեկնեցան պատերազմի ճակատ՝ իրենց հայրենիքը պաշտպանելու: Վիգէն Զաքարեանի, Մհեր æուլհաճեանի, Թաթուլ Կրպէեանի, Պետոյի նման նուիրեալներ հասան Արցախի պաշտպանութեան: Արցախի ազատագրման համար իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հարիւրաւոր անձնուրաց հայորդիներ, իսկ հարիւրաւոր ազատամարտիկներ ու հերոսներ վիրաւորուեցան:
Այս տարի պիտի նշուի Շուշիի ազատագրման 23ամեակը: Այս օրերուն, երբ Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն կը խախտուի 1994ին հաստատուած հրադադարը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Քանատայի Երիտասարդական Միութիւնը (ՀՅԴ ՔԵՄ) անհրաժեշտ նկատեց յիշելու ու փառաւորելու մեր բոլոր հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին Արցախի ազատութեան համար:
Այսօր, պատերազմի պատճառով ֆիզիքապէս տուժած ազատամարտիկներ կարիքը ունին մեր բոլորին աջակցութեան:
2014ին գումարուած ՀՅԴ-ՔԵՄի 42րդ Պատգամաւորական ժողովը յառաջացուց նոր ծրագիր մը. 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ ՔԵՄի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու եկամուտին 5 տոկոսը պիտի նուիրուի միութեան «Արցախի ազատամարտիկներու ֆոնտ»ին:
ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ