Յունաստանի զինուած ուժերու «Սպայից տան» մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, Չորեքշաբթի 28 Յունուարին նշուեցաւ ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման 23րդ տարեդարձը:
Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի հրաւէրով, ներկայութեամբ մեծ թիւով հրաւիրեալներու, որոնց կարգին՝ Յունաստանի զինուած ուժերու բարձրապաշտօն ղեկավարութեան, «Էւէլփիտոն» ռազմական ակադեմիոյ ղեկավարութեան եւ հոն ուսանող հայ սպաներուն, օտար դեսպանութեանց մօտ ծառայող դիւանագէտներու եւ ռազմական կցորդներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու:
Սրահի մուտքին կանգնած էին հայ սպաները եւ ՀՄԸՄի արի-արենուշները, հայկական եւ յունական դրօշակներով:
Օրուան խորհուրդին շուրջ անգլերէնով ելոյթ ունեցաւ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան՝ անդրադառնալով հայ-յունական հզօր կապերուն, պատմական զինակցութեան եւ ներկայի համագործակցութեան, եւ շեշտելով հայոց բանակի անգնահատելի դերը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, սահմաններու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
Գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի Աթէնքի մէջ ծառայութեան աւարտը նշանաւորող այս ելոյթը յուզումնալից մթնոլորտի մէջ անցաւ, օտար ռազմական կցորդներու հնագոյն ներկայացուցիչ Սպանիոյ կցորդի շնորհակալական եւ ողջերթի խօսքերով:
Յաջորդաբար ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանագիրի համաձայն՝ յոյն զինուորական ղեկավարութեան պարգեւատրումներ տեղի ունեցան եւ կտրուեցաւ օրուան տօնական կարկանդակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.