Լոս Անճելըսի հայ համայնքը հաճոյքով կ՛ողջունէ Համազգայինի Սօս Սարգսեան պետական թատրոնի երկրորդ այցելութիւնը՝ 17 հոգինոց անձնակազմով:
Վեցօրեայ թատերական փառատօնը հանդիսատեսին պիտի հրամցնէ զանազան ներկայացումներ՝ Փետրուար 3էն 8ի միջեւ:
«44 ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՎՐԱՅ»
Աստղիկ Սիմոնեանի «44 Աստիճանի Վրայ» թատերգութիւնը, որ գրուած է Տիգրան Հայրապետեանի պատմուածքներէն մէկուն հետեւողութեամբ, տեղի կ՛ունենայ հայրենի գիւղի մը մէկ համեստ հիւղակին մէջ: Այնտեղ կ՛ապրին հայրենադարձ Մկրօն եւ անոր կինը՝ Սիրանոյշը, որոնք հրաժարած են իրենց երբեմնի բարեկեցիկ ամերիկեան կեանքէն ու վերադարձած են Հայաստան՝ յանուն հայրենասիրութեան: Բայց Հայաստանը օրէ օր կը դատարկուի։ Կը հեռանան բոլորը, նոյնիսկ՝ անոնց յոյսի աղբիւրը… Բայց… յոյսը երբեք չի մեռնիր, երբ կը հաւատաս անոր:
«ՇԽՈՆՑ ՄԻՀՐԱՆ»
Մկրտիչ Խէրանեանի հեղինակած եւ Դաւիթ Յակոբեանի բեմադրած «Շխոնց Միհրան»ը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անմահ յիշատակին: Խորագիրին անունը կրող կերպարը՝ Միհրանը, Մեծ Եղեռնէն վերապրած անձնաւորութիւն մըն է, որ մազապուրծ փրկուած է Վանի կոտորածներէն եւ ապաստանած Երեւան, ուր իր ապրուստը կ՛ապահովէ քարակոփ-շինարարի աշխատանքով: Անցեալը կրնկակոխ կը հալածէ Միհրանը՝ իր օրերը հեղեղելով մանկապատանեկան տարիներու յիշատակներով, իր հարսնցու նշանածը, Վանի կոտորածներն ու ինքնապաշտպանութիւնը եւ վերջապէս՝ իր ընտանիքի տեղահանութիւնն ու փախուստը:
Ներկայացումը հայ ժողովուրդի կարօտախտի պատմութիւնն է՝ հիւսուած յիշողութիւններով, որոնք յետադարձ հայեացքով, ետ ու առաջ շարժական պատկերներու նման կը խուժեն ներկան եւ կը տողանցեն կերպարի աչքերուն առջեւէն:
«ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԻՆ»
Ներշնչուած Ուիլեըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններէն, Նիկոլայ Ծատուրեանի «Փրկութեան Կղզին» տեղի կ՛ունենայ փոքրիկ ծովահայեաց գիւղաքաղաքի մը մէջ, ուր կեանքը կ՛ընթանայ դանդաղ ու խաղաղ: Մարդիկ այստեղ հետաքրքրական են իրենց համեստութեամբ, պարզութեամբ եւ երազելու կարողութեամբ: Բնակիչներէն ոմանք՝ փոքրիկ երեխայ մը, դպրոցի ուսուցիչ մը եւ գրող մը, կը հանդիպին վարսաւիրի խանութի մը մէջ, որ կը ծառայէ իբրեւ խաչմերուկ իրենց տարբեր ուղիներուն համար:
Հիւսուած խորհրդանշական ոստրէի ու մարգարիտի պատմութեան շուրջ, «Փրկութեան Կղզին» կը ներկայացնէ հրապուրիչ յայտնագործութիւն մը՝ կեանքի ամէնօրեայ պայքարներու եւ դժուարութիւններու յաղթահարման, երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն որոնելու ընթացքին:
Բոլոր թատերգութիւնները կը ներկայացուին «El Portal» թատերասրահին մէջ (5269 Lankershim Blvd., North Hollywood, CA 91601):
Տոմսերու արժէքներն են՝ 20, 30, եւ 45 տոլար:
Տոմսերու համար, այցելեցէ՛ք հետեւեալ կայքէջը՝ www.itsmyseat.com/hamazkayin, կամ հեռաձայնեցէ՛ք հետեւեալ թիւին՝ (818) 660-1207։
Փառատօնին մասին ամբողջական տեղեկութիւն ստանալու համար, այցելեցէ՛ք հետեւեալ կայքը՝ http://hamazkayintheatrefestival.com։