ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014 թուականին՝ 2013ի հետ բաղդատելով, Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 12 առ հարիւրով, սակայն միեւնոյն ատեն աւելցած է զբօսաշրջիկներու գիշերակացի տեւողութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն այցելուներուն թիւը: 30 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեան:
Ան նշած է, որ զբօսաշրջութիւնը՝ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան գերակայ ճիւղը, այս տարի եւս ներածուող տարադրամի մեծ աղբիւր հանդիսացած է. 2014 թուականին օտար զբօսաշրջիկներ 6.4 միլիոն տոլարի համարժէք գումար ծախսած են Արցախի մէջ: «Տարին յագեցած էր նաեւ միջազգային տարբեր հարթակներում Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջային ներուժի հանրահռչակմամբ: Այսպէս, 2014 թուականին ԼՂՀն մասնակցել է 4 միջազգային խոշորագոյն զբօսաշրջային ցուցահանդէսներին՝ Մադրիդում, Փարիզում, Ռիմինիում եւ Լոնդոնում: Նշուած ցուցահանդէսներում մասնակիցների եւ այցելուների թիւը կազմում է համապատասխանաբար՝ 17,696 ընկերութիւն եւ 290,000 մարդ: Չնայած Ադրբեջանի կողմից յարուցուած խոչընդոտների, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը մինչեւ վերջ մասնակցել է նշուած ցուցահանդէսներին եւ իրականացրել յաջող քարոզչական աշխատանքներ», յայտնած է Ս. Շահվերդեան:
Տարուան ձեռքբերումներէն կարելի է նշել նաեւ Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ յաջողութեամբ կայացած Արցախեան գինիի առաջին փառատօնը: Վարչութեան պետը կարեւոր նկատած է յատկապէս պատասխանատու զբօսաշրջութեան զարգացումը, որ խարսխուած է նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ոլորտին վրայ: Հնագիտական պեղումներու ընթացքին Տիգրանակերտի մէջ յայտնաբերուած են բացառիկ արժէք ունեցող վաղ միջնադարեան դամբարան, իսկ Ամարասի մէջ՝ Սուրբ Գրիգորիսի դամբարանի արեւելեան մուտքը, որոնք կը վկայեն տարածաշրջանին մէջ վաղ քրիստոնէական-հայկական մշակոյթի առկայութեան մասին:
«Պատմամշակութային յուշարձանների վերականգնման ոլորտում իրականացուել եւ աւարտին են հասցուել «Տողի Մելիքական ապարանք» պետական պատմամշակութային արգելոցի պատմական տարածքի պարսպապատման եւ մասնակի բարեկարգման, ինչպէս նաեւ Սարուշէն գիւղի Փիրումաշէն եկեղեցու վերականգնման աշխատանքները: Դադիվանքի կաթողիկէ եկեղեցու հարաւային պատի բացառիկ որմնանկարը վերականգնուել է վարչութեան եւ իտալացի մասնագէտների համագործակցութեան շնորհիւ», տեղեկացուցած է Շահվերդեան: Աւարտելով խօսքը՝ ան նշած է, որ 2015 թուականին վարչութեան առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ Արցախի մէջ պատասխանատու զբօսաշրջութեան եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան զարգացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ba el inch.ov votk e dnum Artsakh djard u pshur en anum.