ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ 2014 թուականին արձանագրուած է 43 հազար 183 ծնունդ, որ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով 3.3 տոկոսով աւելի է:
2 Փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեանը՝ ընդգծելով, որ ծնելիութեան բարձր աճ արձանագրուած է յատկապէս Երեւանի եւ Շիրակի մարզին մէջ: «Հանրապետական միջին ցուցանիշից ցածր աճ է արձանագրուել Վայոց Ձորի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերում: Այս մարզերը նաեւ առաջնային են մահուան առաւել բարձր ցուցանիշով», յայտնած է ան:
Կարինէ Կույումջեան նշած է, որ նախորդ տարի արձանագրուած է մահուան 27 հազար 872 պարագայ, որ 2.5 տոկոսով աւելի է 2013 թուականէն: «Չնայած դրան, զգալի նուազել է մանկական մահացութեան թիւը: Երեխաների մահացութեան դէպքերը նուազել են 8 տոկոսով, իսկ մեռելածնութեան դէպքերը փոքր-ինչ աւելացել են՝ կազմելով 751 դէպք նախորդ տարուայ 711 դէպքի համեմատ», ըսած է ան:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ մահուան պատճառներու ցանկին մէջ առաւել տարածուած են չարորակ ախտերը, շնչառական, մարսողական եւ սրտանօթային օրկաններու հիւանդութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.