ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսի Փետրուար 1ին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ ազատ արձակելու «Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աւստրալիացի լրագրող Փիթըր Կրեսթը, որ Կիպրոս փոխադրուեցաւ: Նախագահական աղբիւրներ նաեւ յայտնեցին, որ անոր գործընկերը՝ երկակի քաղաքացիութեան տէր Մուհամմատ Ֆահմի, պիտի արտաքսուի Քանատա եւ զրկուի Եգիպտոսի քաղաքացիութենէն:
Աւելի քան տարի մը առաջ բանտարկուած Կրեսթ, Ֆահմի եւ Պահեր Մուհամմատ ամբաստանուած էին «Իսլամ եղբայրներ»ուն հետ գործակցելու յանցանքով:
Եգիպտոսի նախագահը Նոյեմբերին յայտնած էր, որ «Ճազիրա»ի երկու օտարահպատակ լրագրողներուն ներում շնորհելու կարելիութիւնը կը քննէ, իսկ քանի մը շաբաթ առաջ, Եգիպտոսի Գերագոյն դատարանը հրամայեց անոնց դատավարութիւնը կրկնել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.