ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Արցախի մէջ կը շարունակուին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքերը: Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ կը նախատեսուի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել: «Զանգակատուն» խորագիրը կրող յուշակոթողի նախագիծը մշակած են ճարտարապետներ Վլադիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարի օգնական Մխիթար Շիրինեան «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքները նախատեսուած է աւարտել Մեծ եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ՝ մինչեւ 24 Ապրիլ: Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի օգնականին՝ ներկայիս աւարտական հանգրուանին մէջ գտնուող աշխատանքները պիտի աւարտին մէկ ամիսէն:
«Նախագծի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի մտցուել: Այսօրուայ դրութեամբ յուշարձանի կառուցման աշխատանքների մօտ 70 տոկոսն իրականացուած է: Ընթանում են արտաքին յարդարման աշխատանքները», ըսած է նախագիծի համահեղինակ, ճարտարապետ Վլադիմիր Սարգսեանը՝ աւելցնելով, որ միաժամանակ ընթացքի մէջ են նաեւ յուշարձանի տարածքի բարեկարգման աշխատանքները:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի արցախեան տարբերակի նախագիծի մշակման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ։ «Զանգակատուն»ը պիտի կառուցուի Սզնեքի սպիտակ մարմարով եւ պիտի ունենայ 18 մեթր բարձրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.