31 Յունուարին տեղի ունեցած է ՀՕՄի Արցախի միաւորին 12րդ տարեկան անդամական ժողովը:
Ողջունելով ժողովականները՝ ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան յաջողութիւն մաղթած է ժողովին, ներկայացուցած միաւորի 14ամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ յոյս յայտնած, որ յաջորդ տարի ՀՕՄի Արցախի միաւորը աւելի մեծ եռանդով եւ նուիրուածութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
Ժողովին կը մասնակցէին Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեանը եւ հրաւիրեալներ:
12րդ անդամական ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՕՄի շարքերը համալրուած են 9 ընկերուհիներով:
Ժողովի աւարտին ընտրուած է ՀՕՄի Արցախի միաւորի վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝ Արմինէ Յարութիւնեան, Կարինէ Դադայեան փոխատենապետ, Բելլա Յարութիւնեան, Յասմիկ Շինդեան, Անահիտ Գասպարեան: Վարչութիւնը իր կարգին ատենապետ ընտրած է Արմինէ Յարութիւնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.