Մէկ օր առաջ ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը Ռուսիան մեղադրած էր Ուքրանիոյ արեւելքի անջատողական զինեալներուն ծանր եւ արդիական սպառազինութիւն տրամադրելու յանցանքով:
«Տեսանք, թէ ինչպէ՛ս վերջին շաբաթներուն, Ռուսիայէն Ուքրանիա հարիւրաւոր զէնքեր տարուեցան», Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է ՆԱԹՕի բանբեր Օանա Լունկեսքու, որ նաեւ նշած է, թէ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ այս շաբաթավերջին խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.