ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 6ին հաղորդեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է գոյացնել 257,000 նոր աշխատատեղիներ, սակայն, որովհետեւ այդ ամսուան ընթացքին նկատելի կերպով աճած է նաեւ աշխատանք փնտռող քաղաքացիներու թիւը, անգործութեան համեմատութիւնը 5.7 տոկոսի բարձրացած է, Դեկտեմբերին արձանագրուած 5.6ին փոխարէն։
Տնտեսագէտները, որոնք նոր աշխատատեղիներու աւելի նուազ թիւ մը կ՛ակնկալէին Յունուար ամսուան ընթացքին, ընդհանրապէս դրական համարած են սոյն զեկուցման տուեալները, յատկապէս՝ որովհետեւ զեկուցումին մէջ դրական սրբագրումներ կատարուած են Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին գոյացած նոր աշխատատեղիներու թիւերուն մէջ՝ այդ երկու ամիսներուն ընթացքին գոյացած նոր աշխատատեղիներու թիւը 147,000ով բարձրացնելով։
Նոյեմբերի թիւը՝ 423,000, ամենաբարձրն է 2010ի Մայիսէն ի վեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.