Այս իրագործումին մասին դասախօսութիւններ տալու համար, շրջանս պիտի այցելէ Իլինոյի Լէյք Ֆորեսթ քաղաքի Առաջին Երիցական եկեղեցւոյ հովիւ, պատուելի դոկտ. Քրիսթին Չաքոյեան, որ, պատուելի դոկտ. Վարդգէս Քասունիի եւ Կարապետ քհնյ. Քոչաքեանի հետ, գլխաւոր երեք դերակատարներէն մէկը եղած է նշեալ բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ։
Դասախօսութիւններէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 21ին, կ.ե. ժամը 2ին, Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (1330 Riverside Drive, Sherman Oaks, CA 91423), իսկ Կիրակի, Փետրուար 22ին, կ.ե. ժամը 12։30ին, Տաունիի Էմանուէլ Հայ ժողովական եկեղեցւոյ սրահին մէջ (9516 Downey Ave., Downey, CA 90240)։
Դասախօսութիւնները կը հովանաւորէ Տաունիի Էմանուէլ Հայ ժողովական եկեղեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.