Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները՝ նախարար Երիցեան նշած է, որ բարձր կը գնահատէ 2004էն ի վեր բարեսիրական կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրներն ու անոնցմէ ձեռք բերուած արդիւնքները:
Նախարարը ներկայացուցած է մարզերուն մէջ, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ առկայ առաջնային խնդիրները, ինչպէս նաեւ մանրամասնօրէն խօսած այն մասին, թէ ի՛նչ հարցեր եւ խնդիրներ ներկայացուցած են գիւղացիները իր մարզային այցելութիւններուն ընթացքին: «Գիւղացու հիմնական պահանջներն այսօր ոռոգման եւ խմելու ջուրն է, գազիֆիկացումն ու ճանապարհները, երեխաների համար մասնաւորապէս հարկաւոր է մտածել դպրոցների մարզային դահլիճների ջեռուցման խնդիրների լուծման շուրջ, որպէսզի երեխաները կարողանան լիարժէք յաճախել մարմնամարզութեան դասերին սահմանամերձ գիւղերում ունենք նաեւ դպրոցները թշնամու կրակոցներից պաշտպանելու խնդիր», նշած է Արմէն Երիցեան:
Անոյշ Եդիգարեան յառաջիկայ ծրագիրներու յառաջընթացը ապահովելու առումով կարեւոր նկատած է գիւղական համայնքներու ինքնաբաւ ըլլալը, որպէսզի մարդիկ կարենան օգտագործել տեղական ներուժը՝ մարդկային, ֆինանսական եւ բնական: Նախարար Երիցեան շեշտած է, որ նման մօտեցում համահունչ է ներկայիս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ապակեդրոնացման գործընթացին, որուն նպատակն է համայնքներու մտաւոր եւ մասնագիտական կարողութիւնները զարգացնել այնքան, որ վերջիններս կարենան կարելի եղածին չափ ինքնուրոյն լուծել իրենց խնդիրներն ու ապահովել համայնքի զարգացումը:
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի ներկայացուցիչները նախարար Երիցեանին ներկայացուցած են իրենց իրականացուցած ծրագիրներու տեղեկատուական փաթեթները, զորս նախարարը յանձնարարած է ուսումնասիրել եւ ապա մշակել միացեալ գործունէութեան ծրագիր: Կ՛ակնկալուի ծրագիրին մէջ ներգրաւել յաւելեալ շրջաններ եւ առաւել մեծ թիւով մարդիկ, որոնց համար հետագայ յառաջընթացի նորանոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին։
Նշուած է նաեւ, որ 11 Փետրուարին Արմաւիրի մարզի Հացիկ գիւղին մէջ վերաբացումը պիտի կատարուի հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած դպրոցին: Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը արդէն 10 տարի է կ՛աշխատի Արմաւիրի մարզի Բաղրամեանի տարածաշրջանի գիւղական համայնքներուն մէջ։ Վերջին 4 տարիներուն ընթացքին ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Արագածոտնի մարզի Թալինի տարածաշրջանի գիւղական համայնքները: Ծրագիրէն օգտուողներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 30 հազար, որուն 7 հազարը երեխաներ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.