
ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 6 Փետրուարին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով՝ Արցախի խորհրդարանի խումբ-խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան սաստկացման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցերը:
Անդրադառնալով 31 Յունուարին Քաշաթաղի շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին՝ օրէնսդիրները ընդգծած են նման իրավիճակներու մէջ խնդիրները օրէնսդրութեան շրջանակներուն մէջ կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման կարեւոր նկատուած են Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համագործակցութեան ընդլայմանն ու 2015 թուականին իրականացուելիք ծրագրերին վերաբերող հարցերը: