Ռոբերտ Կարայեանը ծնած է 7 Յուլիս 1934ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Տարբեր տարիներու պատասխանատու պաշտօններ վարած է «Հեռուստա-ռադիոպետկոմ»ին, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ։ Եղած է Բաղրամեանի շրջանի «Երասխ» թերթի խմբագիրը, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան թղթակից: ՀԳՄ անդամ է 1970 թուականէն։ Հեղինակ է 28 գիրքի: Հրատարակած է արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններ, գրած է նաեւ մանուկներու համար: Անոր գիրքերը՝ «Փրկութիւն», «Անդրանիկի երգը», «Աչք Պահել Վանքին, Ոչ Թէ Թուանքին», «Առանց Թիթեռ Ինչ Ծաղիկ», «Մարդազարդի Տօն Արարենք» եւ այլն, ուշագրաւ են կեանքի ճշմարտացի արտացոլմամբ, քաղաքացիական աշխոյժ դիրքորոշմամբ: Երգիծական ստեղծագործութիւններուն մէջ անհաշտ մարտիկ էր՝ պայքարելով իրականութեան արատաւոր, բացասական երեւոյթներուն դէմ: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շարք մը լեզուներով:
Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու՝ Մ. Շոլոխովի անուան մետալի, «Զօրավար Անդրանիկ», Համազգային միութեան եւ «Հայաստան» թերթի մրցանակին:
2013ին անոր գրական վաստակը գնահատուած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի բարձր կոչումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.