ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, նախագահ Հաքան Ֆիտան քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ գրեթէ առաջին տեղը կը գրաւէ։ Պատճառն այն է, որ ան անցնող շաբաթավերջին անակնկալօրէն հրաժարած է ՄԻԹի նախագահութեան նման շատ կարեւոր պաշտօնէ, որպէսզի երեսփոխանական թեկնածու դառնայ Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն։
Թրքական մամուլը երկու օրէ ի վեր շարունակ կը խօսի այս մասին. այդ մասին կը խօսին նաեւ քաղաքական առաջնորդներ։ Ստացուած է այն տպաւորութիւնը, որ իշխող կուսակցութեան ղեկավարները շատ ալ գոհ չեն Ֆիտանի թեկնածութենէն։ Բայց, կը թուի, թէ Հաքան Ֆիտանի նպատակը սովորական երեսփոխան մը դառնալ չէ, այլ՝ դառնալ Թուրքիոյ վարչապետ։ Այս պատճառո՞վ է արդեօք, որ Ֆիտանի դէմ անսովոր խօսք արտասանած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանը։ Արդարեւ, ան Կիրակի օր յստակօրէն ըսաւ, որ կողմնակից չէ Ֆիտանի թեկնածութեան։
Փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ ցաւ յայտնեց Ֆիտանի որոշումին համար՝ դիտել տալով, որ ՄԻԹի նախագահութիւնը շատ աւելի բարձր ու շատ աւելի կարեւոր պաշտօն է, քան՝ երեսփոխանութիւնը։ «Անձնապէս, կողմնակից չեմ, որ ան երեսփոխան դառնայ, որովհետեւ ան ոեւէ երեսփոխանի պաշտօն կրնայ կատարել, բայց ոեւէ երեսփոխան անոր կատարած պաշտօնը չի կրնար կատարել», ըսաւ Արընչ։
Ֆիտանի հրաժարումէն ետք, Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր դեր ունեցող ՄԻԹի ժամանակաւոր նախագահ նշանակուեցաւ Իսմայիլ Հաքը Մուսան, որ Ֆիտանի տեղակալն էր։ Անոր նշանակումը առժամեայ է, բայց կ՛ըսուի, որ շուտով ան պիտի դառնայ մնայուն նախագահը։
Մինչ անցեալին այս կազմակերպութեան ամբողջ գործունէութիւնը իսկապէս գաղտնի էր եւ մամուլի մէջ գրեթէ ՄԻԹի մասին չէր խօսուեր, վերջին երկու-երեք տարիներուն ընթացքին անիկա սկսած էր շուքի տակէն դուրս գալու, իսկ վերջին ամիսներուն, հրապարակի վրայ յաճախ կը խօսուէր Ֆիտանի մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.