ԵՐԵՒԱՆ, «168 Ժամ».– «168 Ժամ» լրատուական կայքին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի (ԲՀԿ) քաղաքական խորհուրդի նիստէն անմիջապէս ետք Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան գործարար, պատգամաւոր Յարութիւն Ղարագէօզեանը խմբակցութենէն դուրս գալու (հետեւաբար՝ նաեւ կուսակցութենէն) դիմում գրած եւ զայն յանձնած է ԲՀԿ կեդրոնական գրասենեակ:
«Ի դէպ, ասում են նաեւ, որ արդէն իսկ աւելի քան 8 պատգամաւոր պատրաստւում է լքել խմբակցութիւնը, այդ թւում՝ Արագած Ախոյեանը, Կարօ Կարապետեանը, Վահան Կարապետեանը, Աբրահամ Մանուկեանը, Արշակ Մխիթարեանը, եւ այլք», գրած է «168 ժամ»ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.