Անդրադառնալով մամուլին մէջ հրապարակուած այն տեղեկութիւններուն, թէ Ռոբերտ Քոչարեան շտապով Երեւան վերադարձած էր Հայաստանի նախագահին 12 Փետրուարի նշանաւոր ելոյթէն ետք՝ Սողոմոնեան յայտնած է. «Իրօք, Ռոբերտ Քոչարեանը երէկ ուշ երեկոյեան Հայաստան է վերադարձել Կիեւ-Երեւան չուերթով: Սակայն որեւէ հրատապութիւն կամ շտապողականութիւն չի եղել: Երկրորդ նախագահը գտնւում էր Եւրոպայում, որտեղից ժամանել էր Կիեւ՝ տրանզիտով, ընդամէնը մէկ ժամ անցկացրել տեղի օդանաւակայանում, այնուհետ՝ մեկնել Երեւան: Եւ այդ ամէնը՝ դեռեւս երկու շաբաթ առաջ գնուած տոմսի ժամանակացոյցին համապատասխան»։ Սողոմոնեան աւելցուցած է, որ Ռոբերտ Քոչարեանի Երեւան վերադարձը «որեւէ կերպ պայմանաւորուած չէ երէկուայ քաղաքական իրադարձութիւններով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.