Հաւատարիմ մնալով «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի կառավարման տիպարին եւ պատասխանատու արժեհամակարգին՝ տեղեկատուական համակարգերու վարչութեան աշխատակիցները իրենց անձնական ներդրումով ջեռուցման համակարգ հաստատած են մանկապարտէզի հսկայական մասնաշէնքի կրտսեր խումբի յարկաբաժինին մէջ: Նոյն խումբին աջակցութեամբ, առաջին յարկի խոհանոցին մէջ տեղադրուած են 500 լիթր չափով ջուրի ամբար եւ ջրմուղ: Ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ մանկապարտէզին ապահովելու ոչ միայն պաղ, այլ նաեւ տաք ջուր։ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատակիցներու միասնական նուիրումին շնորհիւ, Վերին Ճամբարակի մանկապարտէզի ջեռուցման գործընթացը այլեւս կախեալ չէ բնութեան քմահաճոյքներէն, սաներն ու դաստիարակները պիտի մոռնան ժամանակին եղած անյարմարութեան հետեւանքները՝ ծուխի ներհոսքը եւ արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ չարդարացուած ջերմարձակումը: Ակնյայտ պիտի ըլլայ նաեւ հասարակութեան հանդէպ հոգատար այս մօտեցման բնապահպանական օգուտները:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատակիցները իրենց անձնական ներդրումով հասարակութեան օգտակար դառնալու միտող ծրագիրներ իրականութիւն կը դարձնեն։ Այս տիպի ծրագիրները հիմնուած են երկրին եւ հասարակութեան օգտակար ըլլալու, միասին յաջողութեան հասնելու կամքին ու վճռականութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.