
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէ»չի հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ քաշելու քայլը:
«Արձանագրութիւնները Հայաստանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ էին, սակայն որեւէ քայլ չէր առնուեր: Այդ որոշումը հայաստանեան կառոյցներու ներքին մեկնաբանութիւնն է: Սակայն մենք այս քայլը ճիշդ չենք գտներ: Սխալ եւ ցաւալի քայլ է անիկա», ըսած է ան։