ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Փետրուար 16ին, եգիպտական ռազմական օդանաւեր հարուածած են Լիպիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» զօրակայաններ, կեդրոններ, մարզումի վայրեր եւ զինապահեստանոցներ: Եգիպտական բանակի յայտարարութեան զուգահեռ, լիպիական բանակը յայտարարեց, որ Լիպիոյ արեւմուտքը «Իսլամական պետութեան» դիրքերուն դէմ գործողութեանց ձեռնարկած է:
Լիպիոյ օդուժի հրամանատար մը յայտարարեց, որ եգիպտական օդային հարուածները 40-50 զոհ պատճառած են «Իսլամական պետութեան» շարքերէն ներս՝ վստահեցնելով, որ այդ օդային հարուածները վերջինը պիտի չըլլան: Ան նշեց, որ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ ամբողջական համակարգում գոյութիւն ունի:
Սակայն, Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը դատապարտեց «Լիպիոյ Տառնա շրջանին վրայ եգիպտական յարձակումը՝ զայն նկատելով «լիպիական գերիշխանութեան բռնաբարում»:
Լիպիացի զօրավար Խալիֆա Հաֆթար յայտարարեց, որ կ՛աջակցի «Իսլամական պետութիւն»ը հարուածելու նպատակով Լիպիոյ մէջ Եգիպտոսի զինուորական միջամտութեան՝ հարուածելու համար 21 ղպտիներու գլխատման պատասխանատուները: Ան Թուրքիան, Քաթարը եւ Սուտանը ամբաստանեց այդ խմբաւորումներուն աջակցելու յանցանքով՝ նշելով, որ անոնց վերջնական նպատակը Եգիպտոսը հարուածելն է:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի Փետրուար 16ին այցելեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Մայր տաճարը եւ ղպտիներու Թէոդորոս պապին յայտնեց, որ եգիպտացիներուն արիւնը զինք պարտաւորութեան տակ կը դնէ, եւ ինք անոնց վրէժը պիտի լուծէ:
Սիսի նաեւ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Երկու նախագահները կոչ ուղղեցին Լիպիոյ հարցով՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարելու:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի հնգօրեայ այցելութեամբ ուղղուեցաւ Ուաշինկթըն, Լիպիոյ մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարելիութիւնները քննարկելու համար: Դիւանագիտական աղբիւրներ «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեցին, որ ըստ նախատեսութեանց՝ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը պիտի մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդաժողովին, որ կը կազմակերպուի ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ:
Անցած շաբաթավերջին 21 եգիպտացի ղպտիներու գլխատումը յայտարարած «Իսլամական պետութիւն»ը, այդ արարքը նկատած էր «խաչակիր աշխարհին դէմ ամբողջական պատերազմ»ին մէկ մասնիկը։ Գլխատուածները Լիպիոյ մէջ աշխատող քրիստոնեայ եգիպտացիներ էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.