Նախագահը ողջունած է բարձրաստիճան հիւրին Հայաստան այցելութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Վիքթորիա Նուլընտի այցելութիւնը նոր շունչ կը հաղորդէ հայ-ամերիկեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան: Նախագահ Սարգսեանի համոզմամբ, այսպիսի այցելութիւններ լաւ կարելիութիւններ են քննարկելու երկկողմանի օրակարգին վերաբերող եւ տարածաշրջանային հարցեր, նաեւ միասին լուծումներ փնտռել առկայ խնդիրներուն:
Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Ռիչըրտ Միլզը նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր նախորդին՝ Ճոն Հեֆըրնի գործը եւ մեծ աւանդ կ՛ունենայ հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան՝ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման իմաստով, յատկապէս որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր. ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ աշխոյժ կերպով ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ անկախութենէն ի վեր Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Վիքթորիա Նուլընտ գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ պետական մարմիններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին: Ան ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ է քննարկելու Հայաստանին տրամադրուելիք Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ աջակցութեան կարելիութիւնները: Ան նշած է, որ իր երկիրը մեծապէս շահագրգռուած է օգտակար ըլլալու Հայաստանին՝ տնտեսութեան զարգացման, բարեփոխումներու, ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերուն մէջ՝ նշելով, որ այս իմաստով Հայաստան դրական ձեռքբերումներու հասած է։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած միջազգային հաւաքական ջանքերուն, մասնաւորապէս Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի խաղաղապահ գործողութիւններուն շահագրգիռ մասնակցութեան համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ առկայ մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, քննարկած բանակցութիւնները ի նպաստ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան արդիւնաւէտօրէն շարունակելու կարելիութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակիի առնչութեամբ այս տարի Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.