Այսպէս վկայեց 98ամեայ բայց մի՛շտ երիտասարդական աւիւնով առլցուն ու մի՛շտ խանդավառ, սփիւռքահայ գրականութեան նահապետ, գրեթէ ամբողջ ութ տասնամեակ անդուլ ծառայած ու ստեղծագործած Ժագ Ս. Յակոբեանը, երբ առիթ տրուեցաւ իրեն խօսք առնելու իր մեծարման առթիւ:
Շաբաթ, Փետրուար 7ին, Համազգայինի թատերական երկրորդ փառատօնի Կալայի գիշերը՝ «Շխոնց Միհրան»ի ներկայացումէն առաջ, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Համազգայինի Պատուոյ բարձրագոյն շքանշանի տուչութիւն կատարուեցաւ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս այնքա՛ն բեղմնաւոր եւ արգասաբեր գրիչի տէր, յայտնի բանաստեղծ, արձակագիր եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, խօսք առնելով՝ արագ ակնարկ մը նետեց մեծարեալի գրական հունձքին, ապա ներկաներուն վկայեց, թէ «աւելի քան 77 տարիներու գրական վաստակ ունեցող Ժագ Ս. Յակոբեանը, 1938ի իր առաջին բանաստեղծական հրատարակութեամբ յուշած էր իր գրիչով յաւիտեան միաձուլումը իր պաշտած ազգին հետ: Կը հաւատամ, որ օր մը Ժագ Ս. Յակոբեանի հիւսած երգերն ու երկերը, որոնք կը խորհրդանշեն սփիւռքեան փորձառութեան բազմագոյն խճանկարը, իրենց դերակատարութիւնը պիտի ունենան Սփիւռք-Հայաստան արմատներու վերահամադրման կարեւոր ընթացքին մէջ»: Ապա բեմ հրաւիրելով Ժագ Ս. Յակոբեանը, Եագուպեան անոր կուրծքին զետեղեց Համազգայինի Պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը:
Մեծարեալը ոգեշնչուած՝ երախտագիտական խօսքերով իր գոհունակութիւնը յայտնեց նա՛խ Աստուծոյ, ապա հայ ժողովուրդին եւ մանաւա՛նդ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ այս պատիւին արժանացուցած էր զինք՝ «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ պահերէն մէկն է, զոր կ՛ապրիմ» վկայելով:
Ներկաները ծափողջոյններով իրենց սէրն ու գնահատանքը յայտնեցին այս տաղանդաշատ գրագէտին, որ ներշնչուած՝ ներկաներուն ասմունքեց իր հեղինակած «Հինգ Տարեկան Մանչուկս Այսօր» ոտանաւորը: Հանդիսականները ուշի ուշով հետեւեցան այնքա՜ն ապրումով բանաստեղծի գրիչէն բխած ու բերանով արտասանուած յուզիչ տողերուն, որոնք հայ մարդուն բնորոշ՝ ազգային երակներու դպչող, օտարացման հաւանական վտանգի ազդանշաններն էին՝ իրենց զաւակները օտար վարժարան առաջնորդող ծնողներուն համար, որոնք այլընտրանք չունէին:
Ժագ Ս. Յակոբեան իր տարերքին մէջ էր: Ան այլ առիթներով պարգեւատրուած էր զոյգ վեհափառներուն կողմէ, բայց այս պարգեւատրումը առանձնայատուկ արժէք ունէր, յատկապէս այն պատճառով, որ թատերական փառատօնի մը ընթացքին իր «Կռունկը Կը Կանչէ» տրամային՝ ինչպէս կը սիրէր անուանել այդ գործը, վերյուշը կ՛ապրէր, զայն համարելով իր կեանքի բախտորոշ մէկ հանգրուանին ապրած փորձառական եւ հոգեբանական ինքնակենսագրութիւնը:
Ահաւասիկ այլ փառաւոր էջ մը, որ կը հարստացնէ Համազգայինի գանձարանը:
Համազգայինի
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն