ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «rbc.ru» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուայի մէջ պետական սահմանին մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ ստորագրուած համաձայնագիրը պիտի օգնէ, որ երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգանան հաւասար հիմքերու վրայ:
Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Սանաքոյեւ բացատրած է, որ սահմանին մասին համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք պէտք է դադրին այն խօսքերը, թէ Ռուսիա կը փորձէ իրեն կցել Հարաւային Օսեթիան, որովհետեւ համաձայնագիրը կ՛որոշէ գերիշխան երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.