ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերնագիրը վերցուած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէ մը՝ Լիբանանի Հայոց թեմէն տէր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի հետ, ուր շօշափուած է տեղւոյն թեմի եկեղեցիներու Թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:
Տէր Սարգիս յատկապէս շեշտած է, որ «Իգական սեռի եւ երիտասարդներու ներկայացուցիչները պէտք է մաս կազմեն Թաղական խորհուրդներուն՝ նոր շունչ ու եռանդ տալու մեր հոգեւոր եւ ազգային աշխատանքներուն»:
Այս օրերուն, ընտրութիւններ կան նաեւ մեր թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ու այստեղ ալ նոր շունչ ու եռանդ մտցնելու յորդորն ու շեշտադրումը այժմէական կը հնչեն:
Այստեղ, առաջին հերթին պէտք է խոստովանինք մեր թերացումը: «Ասպարէզ» գրեթէ ամէն օր տեղ կը տրամադրէ մեր եկեղեցական ծուխերու գործունէութինը լուսաբանելու համար, սակայն խմբագրութիւնս կը բաւարարուի կրաւորական արձագանգողի դերով, փոխանակ՝ նախաձեռնութեան իր բաժինը բերելու ծխական կեանքի ղեկավարման գործընթացը ժողովրդականացնելու նպատակին համար:
Այդ գործը կը սկսի ծուխի անդամակցութիւնը քաջալերելով. ընդամէնը վճարելով տարեկան ցենզը, որ չնչին գումար մըն է, կրնաք անդամ դառնալ ձեր ապրած շրջանի եկեղեցական ծուխին եւ իրաւունք ձեռք ձգել մասնակցելու ծուխի անդամական ժողովներուն, ընտրութիւններուն՝ ձեր ներդրումը բերելով մեր համայնքային ամէնէն կարեւոր կառոյցներէն մէկուն՝ եկեղեցւոյ ծառայողական առաքելութեան մէջ, որ կ՛ընդգրկէ ազգային գործունէութեան հսկայական դաշտ մը:
Աճապարանքի հարց չկայ, եւ հաւանաբար, ուշ է այս ընտրական ժողովներուն շինիչ մասնակցութիւն բերելու համար: Բայց կ՛արժէ մտածել այդ մասին ու բռնել եկեղեցւոյ ճամբան: Մենք պատրաստ ենք մեր ծուխերուն ծառայելու՝ հանրութեան հետաքրքրութիւնը ուղղորդելով ծուխերու անդամական խարիսխը ընդարձակելու եւ մանաւանդ՝ կիներու ու երիտասարդներու ներկայութիւնը աւելի նշանակելի դարձնելու աշխատանքին: