Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանին մէջ ծառայող Աֆեան ծառայութեան չէ վերադարձած արձակուրդի օրերէն ետք: «Սահմանային վարչութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի ոստիկանութեան հետ համատեղ որոնողական աշխատանքներ կը տանին: Յոյսով ենք՝ ան կը գտնուի», «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ԱԴԾ Սահմանային վարչութեան մամլոյ խօսնակը:
23 Փետրուարին ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակած է այն մասին, որ Արթուր Աֆեան կը փնտռուի որպէս անհետ կորսուած:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ Գիւմ-րիի բնակիչ Արթուր Աֆեանը 21 Փետրուարին, ժամը 2։00ի սահմաններուն մէջ տունէն դուրս ելած ու չէ վերադարձած։
Գիւմրիի «Գալա» պատկերասփիւռի ընկերութեան (ռազմակայանի մօտ գտնուող) հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարմաշէնի գիւղապետը պատմած է, որ Արթուրը Իջեւանէն էր կամ շրջակայ գիւղերէն, ամուսնացած էր եւ պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն կը կատարէր ռուսական ռազմակայանին մէջ եւ կնոջ հետ տուն վարձած էր Գիւմրիի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Nran piti pntren hents zoranotsum . Aintegh permiakovner shat kan!