Վարչապետը բարձր գնահատած է Հայաստանի կառավարութեան ու ԱՄՆ ՄԶԳի միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն նկատմամբ ցուցաբերուող օժանդակութիւնը:
Անդրադառնալով փտածութեան դէմ պայքարին՝ Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստանի վարչապետին գլխաւորութեամբ ստեղծուած է նոր խորհուրդ, որ պիտի գործէ բաց եւ թափանցիկ կերպով եւ իր ուշադրութեան կիզակէտը պիտի դարձնէ փտածութեան դէմ կատարուած աշխատանքները։ Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ նոր խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան, խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Սիւզան Ֆրից նշած է, որ ԱՄՆ ՄԶԳը պիտի շարունակէ աշխոյժ համագործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ եւ պիտի օժանդակէ տարբեր բնագաւառներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման: Ան ողջունած է նման կազմով փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի ստեղծումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի գործէ արդիւնաւէտօրէն:
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման առնչուող շարք մը հարցեր:
Միջազգային զարգացման գործակալութեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի հետ։ Այս մասին փոխանցած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
«Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգների կառավարութեանը գիւղատնտեսութեան ոլորտում Հայաստանին ցուցաբերուող օժանդակութեան համար, եւ յոյսով ենք, որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնն առաջիկայ տարիներին կը շարունակուի եւ աւելի կ՛ընդլայնուի», ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշած է նախարար Կարապետեանը, որ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան ոլորտի ներկայ վիճակը, խնդիրներն ու կատարելիքները: Անդրադառնալով ոլորտի գերակայ խնդիրներուն՝ նախարարը յատկապէս լուսարձակի տակ առած է առաջնահերթ պարէնային մթերքի ինքնաբաւութեան եւ սննդամթերքի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, անասնագլխաքանակի եւ գիւղատնտեսական կենդանիներու կաթնատուութեան յաւելման, համագործակցականներու ստեղծման, կաթիլային ոռոգման եւ հակակարկտային ցանցերու համակարգի ներդրման եւ ջերմոցային նոր տնտեսութիւններ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով ձկնաբուծութեան ոլորտի խնդիրներուն՝ նախարարը կարեւոր նկատած է օգտագործուող ջուրի փակ կամ կիսափակ շրջապտոյտի համակարգի ներդրումը՝ առաջարկելով յառաջիկային իրականացնել կարգաւորիչ ծրագիրներ՝ շարք մը ձկնաբուծարաններուն մէջ ջուրի խնայողատար դրութեան նորագոյն համակարգերու ներդրման առնչուող: Ի պատասխան Քարէն Հիլըրտ տեղեկացուցած է, որ գրասենեակին կողմէ արդէն մշակուած եւ հաստատուած են նմանատիպ երեք ծրագիրներ, որոնց իրագործման կը նախատեսուի սկսիլ այս տարի։
Պատուիրակութեան ղեկավարը անգամ մը եւս հաստատած է Միջազգային զարգացման գործակալութեան պատրաստակամութիւնը Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ միացեալ ծրագիրներու իրականացման հարցին մէջ եւ համոզմունք յայտնած, որ այսուհետեւ եւս երկկողմանի համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ պիտի նպաստէ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.