Առաւօտեան ժամը 10։30ին սրահը լեցուն էր աւելի քան հարիւր յիսուն ներկաներով։ Մեծ ախորժակով կը համտեսուէին «Ռաֆֆի՛զ Քէյթըրինկ»ի մատուցած համեղ ճաշերը։ Մինչ այդ, հայրենակից Արամ Լեփեճեան կը հրամցնէր հայկական եւ եւրոպական եղանակներու իր ճոխ յայտագիրը։
Օրուան հանդիսավար ու վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Մաճառեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Ան թուեց Չորք Մարզպանի հայրենակցական միութեան տարեկան կրթանպաստները՝ գաղութիս հայկական երկրորդական վարժարաններու չորս յառաջադէմ բայց կարօտ սաներու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին տրուած նուիրատուութիւնն ու հայրենակիցներու կողմէ լոյս ընծայուած հատորներու ծախսերուն տրամադրուած օժանդակութիւնը։
Օրուան մթնոլորտէն խանդավառուած՝ 2745 տոլարի նուիրատուութիւն կատարուեցաւ, յօգուտ միութեան բարեսիրական նպատակներուն։
Վարձքը կատա՛ր ձեռնարկը քաջալերող եւ անոր յաջողութեան սատարող յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.