
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 27 Փետրուարին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին կողմէ կազմակերպուած դէպի Լեռնային Ղարաբաղ զօրակցական երթին մասնակիցները՝ մօտ 1200 հոգի, կանգ առին Քաշաթաղի Բերձոր շրջանին մէջ: Հիւրերը դիմաւորեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Քաշաթաղի կոմիտէի անդամները: Տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Հիւրերը ողջունեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ասկերանի քաղաքապետ Ալէօշա Գաբրիէլեանը եւ ՀՅԴ Քաշաթաղի «Միջնաբերդ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արին Գալստեանը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Արցախի մէջ կատարելիք բազմաթիւ աշխատանքներ կան, եւ պատուախնդրութեամբ պիտի իրականացնեն ուխտագնացութիւնը:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն Իգոր Սարգսեան տեղեկացուց, որ երթին կը մասնակցին Հայաստանի բոլոր մարզերու, Երեւանի եւ Ջաւախքի ՀՅԴ կազմակերպութիւններու անդամներ: Անոր համաձայն՝ նախատեսուած է
Առաջին օրը Ստեփանակերտի մէջ պիտի կատարուի մոմավառութիւն: Յաջորդ օրը պիտի կատարուին ուխտագնացութիւններ, երթին մասնակիցները պիտի այցելեն Շուշի եւ իրականացնեն տարբեր նախաձեռնութիւններ։
Գեղարքունիքի մարզի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Էդուարդ Ասլանեան կարեւոր նկատեց նման միջոցառում՝ նշելով, որ երթին մասնակիցներէն շատեր Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներ են:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած ընդունելութենէն ետք ուխտագնացները ուղղուեցան Ստեփանակերտ:
Inch parel e?amen or mer yeritasardnere trki gndakits nknum en u dzer parn ebrnel?Gnatsek merek eli!