Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց գրաւման այս լուրը՝ աւելցնելով, թէ ցարդ առնուազն 175 իսլամ ծայրայեղական զինեալներ սպաննուած են անցնող շաբաթավերջին սկսած քրտական յարձակումին հետեւանքով։
Քրտական ուժերուն նախաձեռնած այս յարձակումին ընթացքին, ցարդ շրջանին մէջ վերագրաւուած են 103 գիւղեր։ Քրտական ուժերը Հինգշաբթի օր ազատագրած էին 23 գիւղեր եւ գրաւած էին իսլամ ծայրայեղականներու զէնքերն ու մեքենաները:
Միւս կողմէ, Թել Թամրէն 124 ասորի ընտանիքներ հասած են Հասաքէ, 65 ընտանիքներ՝ Գամիշլի քաղաք, իսկ 15 ընտանիքներ՝ Ռասուլ Այն (Արաբունար):
Իսլամ ծայրայեղական զինեալները հրկիզած էին Թել Թամրէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թել Ճազիրա գիւղի բոլոր տուները, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցին:
Իր կարգին, Հասաքէ-Նիսիպինի ասորի կաթողիկէ արքեպիսկոպոս Ժագ Պեհնան Հինտօ, Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիան ամբաստանեց Սուրիայէն փախուստ տուող քրիստոնեաներուն Թուրքիա ապաստանման արգելք հանդիսանալուն եւ իսլամ ծայրայեղականներուն Թուրքիոյ սահմանէն ազատ երթեւեկութիւն արտօնելուն համար:
«Ամէն օր ընտանիքներ, Դամասկոսէն օդանաւով կը գաղթեն՝ մեր շուրջ եղած պաշարման պատճառով», ըսաւ արքեպիսկոպոսը եւ աւելցուց. «Հիւսիսը՝ Թուրքիան, փոխադրակառքերու անցքը կ՛արտօնէ: «Իսլամական պետութեան» զինեալները, Սուրիայէն գողցուած քարիւղը, ցորենը եւ բամպակը կրնան սահման անցնիլ, սակայն քրիստոնեայ համայնքէն ոչ ոք կրնայ անցնիլ»:
Արքեպիսկոպոսը յայտնեց, որ յոյս ունի, թէ «Իսլամական պետութեան» յարձակումը շուտով վերջ գտնէ, որովհետեւ՝ «քիւրտերը իրենց ուժերը կը հաւաքեն՝ անոնց դէմ կռիւը աւարտելու համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.