Անհրաժեշտ Է Զարկ Տալ Ֆութպոլին
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄը հարուստ է մարզական եւ սկաուտական իր ծրագիրներով: Եթէ սկաուտական կեանքէն ներս մտային զարգացումի եւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցներու կը տիրապետեն, ապա՝ միւս կողմէ, մարզական կեանքէն ներս ֆիզիքական տոկունութեան կը ձգտին: Զոյգ մարզերէն ներս ալ առաջնահերթն ու էականը ստեղծումն է առողջ եւ մաքուր միջավայրի, որուն մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են:
Շրջանի ՀՄԸՄի մարզական կեանքէն ներս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ պասքեթպոլի մարզաճիւղը, որուն հետեւանքով մասնաճիւղերէն ներս կազմուած են զանազան դասակարգերու հարիւրաւոր երկսեռ խումբեր:
Հակառակ այս իրողութեան, մեծ ջանք կը թափուի նաեւ զարգացնելու մարզական այլ ճիւղեր, որոնց կարգին յատկապէս ֆութպոլը: Այս երեւոյթը լաւագոյնս դրսեւորուեցաւ՝ յանձին ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղին, որ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու փոքր դասակարգի ֆութպոլի ձմեռնային միջմասնաճիւղային մրցաշարք մը:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 24 եւ 25 Յունուար 2015ի շաբաթավերջին, Pacific Community Center-ի ոտնագնդակի մարզադաշտին վրայ. անոր մասնակցեցան 8, 10 եւ 12 տարեկան եւ նուազ դասակարգերէ 12 խումբեր, ՀՄԸՄի «Մասիս», «Լոս Անճելըս», «Ազատամարտ» եւ «Շանթ» մասնաճիւղերէն։
Երկօրեայ եզակի այս մրցաշարքին, ՀՄԸՄական մարզասէր հասարակութենէն բացի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին նաեւ ծնողները, որոնք լրջութեամբ հետեւեցան իրենց զաւակներու խաղարկութեանց եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով քաջալերեցին զանոնք: Ասկէ անկախ, ՀՄԸՄասէր այս ծնողները, ամբողջ երկու օրեր ուտելիք եւ ըմպելիներ մատակարարեցին մրցող խումբերուն՝ յատուկ գուրգուրանք եւ հոգածութիւն ցուցաբերելով անոնց հանդէպ:
«Մեծ հրճուանք է ինծի համար տեսնել զաւակս ՀՄԸՄի մաքուր այս միջավայրին մէջ: Շնորհակալ ենք «Շանթ» մասնաճիւղի ղեկավարներուն, որ այս ուրախ մթնոլորտը կը ստեղծեն մեր երեխաներուն եւ ինչու չէ՝ նաեւ մեզի համար», ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ մրցող մարզիկի մը մայրը:
Իսկ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Լիոն, ընդգծելով մարզական նման մրցաշարքերու կարեւորութիւնը՝ յայտնեց. «Հանգուցեալ հայրս՝ Կարպիս Էօլմէսէքեան, ֆութպոլի մեծ սիրահար մըն էր, որուն շնորհիւ ես անձնապէս յատուկ սէր ունիմ ֆութպոլի մարզաճիւղին նկատմամբ: Մեր փափաքն է, որ ֆութպոլը եւս տիրական ներկայութիւն ըլլայ ՀՄԸՄի մարզական կեանքէն ներս: Ուրախ եմ, որ այս գծով մասնաճիւղին մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան մեր ծնողները, որոնք ամէն շաբաթ, առանց դժգոհանքի, իրենց զաւակները փորձերու կը բերեն եւ մօտէն կը հետեւին անոնց մարզական կեանքին: Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել մեր ծնողներէն՝ Ազնիւ եւ մասնաճիւղի մարզիչներէն Համլէթ Ղազանեաններուն, ինչպէս նաեւ՝ վարչական Արփին Քերոբին, որոնք մեծապէս նպաստեցին մրցաշարքի կազմակերպման եւ մասնակիցներու հոգատարութեան աշխատանքին: Մասնաճիւղը պիտի շարունակէ ֆութպոլին զարկ տալ՝ ՀՄԸՄէն ներս»:
Յայտնենք, թէ ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը շրջանի աշխոյժ մասնաճիւղերէն մէկն է, որ 1993էն ի վեր կը գործէ շրջանէն ներս եւ իր բեղուն գործունէութեամբ ակնյայտ ներկայութիւն մըն է հոն:
Պէտք է ընդգծել, թէ մարզական կեանքը ընդհանրապէս եռուն է շրջանի ՀՄԸՄէն ներս: Այսպէս.
Ամերիկայի Նախագահներու տօնի երկար շաբաթավերջին, մեծ յաջողութեամբ իրագործուեցան ՀՄԸՄի «Սեւան» մասնաճիւղին կազմակերպած միջմասնաճիւղային մարզախաղերը:
2-3 Մայիսին տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄի «Արազ» մասնաճիւղին կազմակերպած փոքր դասակարգի պասքեթպոլի մրցումները:
11-12 Ապրիլին պիտի կազմակերպուին ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը:
Այս բոլորին պիտի յաջորդէ այնքան սպասուած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը, որոնց մասին օրը օրին պիտի անդրադառնանք:
Ստորեւ՝ ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղին կազմակերպած մրցաշարքի արդիւնքները.