ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած է Մարտ 10ին կայանալիք ընտրութեան իր յանձնարարականները՝ քաղաքապետի պաշտօնին համար նեցուկ կանգնելով Թերի Թորնեքին, որ ներկայիս անդամ է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդին ու իր քաղաքական գործունէութեամբ փաստած է, որ զօրավիգ կը կանգնի հայութեան։ Ան նաեւ կարեւոր կը նկատէ քաղաքին մէջ ապահովութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցներու որակի բարելաւումն ու աշխատանքի որակաւոր կարելիութեանց ստեղծումը։
Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի Մարկրիթ ՄըքԱսթընին (երկրորդ ընտրաշրջան) եւ Սթիւ Մետիսընին (վեցերորդ ընտրաշրջան), իսկ Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութիւններուն՝ Ռոյ Պուլղուրճեանին (երկրորդ ընտրաշրջան), Փեթրիք Քելըհանին (չորրորդ ընտրաշրջան) եւ Լորընս Թորեզին (վեցերորդ ընտրաշրջան)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.