ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ ազգային, կրօնական դաստիրարակութեան աղբիւրները հանդիսացող Հայ եկեղեցին, դպրոցը եւ միութիւնները իրենց առաջնահերթ առաքելութիւնը դարձուցած են ներշնչել սերունդները հայրենասիրութեամբ. ազգային ինքնորոշման զգացումը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ, անոնք Վարդաններու, Վահաններու, Արսէններու եւ Ղեւոնդներու օրինակով կը դաստիարակեն նոր սերունդը ու այդ իսկ պատճառով աւանդոյթ դարձած է՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, մեծ շուքով տօնել Վարդանանց ճակատամարտի յիշատակը, խունկ ծխել եւ աղօթք բարձրացնել նահատակներու յիշատակին եւ հաղորդուիլ անոնց քաջութեամբ եւ վճռականութեամբ։
Արդարեւ, Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 11ի առաւօտեան համախմբուած էր վարժարանի «Դանիէլեան» սրահը, ներկայ գտնուելու Ս. պատարագի արարողութեան, աղօթելու Վարդան Մամիկոնեանի եւ հազար ու երեսունվեց նահատակներու հոգիներուն, որպէսզի խրախուսուելով անոնց կամքի զօրութեամբ՝ շարունակեն ապրիլ մեր պապերու ուղիով քրիստոնէավայել կեանք մը։
Օրուան պատարագիչն էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Թովմաս վրդ. Կարապետեանը, որ պատշաճ քարոզով մը յորդորեց աշակերտները լեցուիլ նախնիներու հաւատքի ուժով, եւ զանոնք նախապատրաստեց կէսօրէն ետք տեղի ունենալիք հանդիսութեան։ Ապա երրորդ դասարանէն վեր բոլոր աշակերտները հաղորդութիւն ստացան եւ բաժնուեցան սրահէն՝ «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ։ Պատարագին կը սպասարկէին Դ. դասարանի աշակերտներ։
Կէսօրէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը։ «Դանիէլեան» սրահը այս անգամ պատրաստ էր ներկայացնելու աշակերտներու ոտանաւորները, շարականները, երգերը եւ թատրերգութիւնը։ Կանուխէն արդէն սրահը լեցուն էր անհամբեր սպասող ծնողներով եւ հիւրերով, որոնց շուտով միացան աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու վարժարանիս առաքինազարդ քոյրերը։
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա տնօրէնուհի քոյր Լուսիա իր բացման խօսքով պատմականը ըրաւ 451 թուականին տեղի ունեցած ճակատամարտին, որ դարերով մեզ առաջնորդեց ապրելու Քրիստոսով, եւ ապա շարունակեց՝ ըսելով. «Որովհետեւ կռիւը կրօնքի կռիւ էր, մինչեւ այսօր զայն կը տօնէ հայ եկեղեցին եւ հայ ազգը։ Անոնք նահատակուեցան իրենց հաւատքը հաստատուն պահելու համար, եւ որպէսզի մենք եւս մեր նախորդներուն արժանի ժառանգորդները ըլլանք, պէտ՛ք է հետեւինք իրենց քայլերուն եւ ապրինք քրիստոնէավայել կեանք մը»։
Օրուան հանդիսավար Մարօ Գույումճեան բացատրեց օրուան խորհուրդը՝ մասնաւորաբար շեշտը դնելով մեր ժողովուրդի ազատատենչ հոգիին վրայ, տալով հայոց պատմութեան փայլուն էջերէն խրախուսիչ օրինակներ։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ, եւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտներ, որոնք իրենց սորված ոտանաւորներով եւ երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին եւ առիթ ունեցան իրենց ծնողներուն, հիւրերուն եւ դասընկերներուն ներկայութեան ցուցադրելու իրենց բեմական շնորհները։ Իսկապէ՛ս, բոլորն ալ շատ յաջող ձեւով ներկայացան, արտասանեցին եւ երգեցին հայրենասիրական խանդավառ եւ Վարդանանց քաջերուն նուիրուած խրախուսիչ ոտանաւորներ ու երգեր, որոնք բծախնդրօրէն ընտրուած եւ պատրաստուած էին վարժարանիս հայերէնաւանդ ուսուցիչներու եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին կողմէ։
Յայտագիրի ամէնէն հետաքրքրական եւ սպասուած բաժինը ուսուցչուհի Մարօ Գույումճեանի պատրաստութեամբ եւ երրորդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ բեմականացուած Վարդանանց ճակատամարտի ներկայացումն էր։ Դարերու խորքէն եկող եւ միշտ իր այժմէականութիւնը պահող դէպքը հարազատօրէն մեկնաբանեցին իննամեայ փոքրերը եւ յափշտակութեամբ ընդունեցին ներկաները, կարծես առաջին անգամն էր որ կը լսուէր այդ եղելութիւնը։
Հրաշալի են մեր տղաքը, այնքա՛ն համոզիչ վճռականութեամբ կը խօսէր Վարդանը՝ Ճորճ Սալիպեանը, իր նախարարներուն հետ… արքայավայել էր Յազկերտի կերպարով Լիօ Սուլթանեանը, իսկ Ալէք Եուսէֆ՝ Ղեւոնդ Երեցի կերպարով, մտած էր իսկական հայ կղերի տիպարին մէջ. ան, հանդարտ բայց հաստատ՝ խօսքը ուղղեց հայ բանակայիններուն, պատերազմի նախօրեակին, մինչ երրորդ դասարանի աղջիկները իրենց պատմելու շնորհքով ամբողջացուցին թատերական պատկերները՝ տալով պատմական մանրամասնութիւններ։
Յուզիչ էր պատկերը ճակատամարտի աւարտին։ Վարդան ինկած էր Տղմուտ գետի ափին, հերոսները նահատակուած էին, իսկ Սարին Լապէճեան, որ մարմնացուց Վարդանի մօր դերը, Աւարայրի դաշտին վրայ, դիակներուն մէջէն կ՛որոնէր նահատակ զաւակը եւ հայ կնոջ յատուկ վեհանձնութեամբ կ՛ըսէր. «Ես կը տեսնեմ մեր քաջարի նահատակներու դիակներուն ընդմէջէն փառքը հայ ժողովուրդին»։ Ապա, Սարին իր անուշ ձայնով մեկնաբանեց «Լռեց Ամպերը»՝ ամբողջացնելով օրուան խորհուրդը։
Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները բաժնուեցան սրահէն՝ «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ։
Պատգամը փոխանցուած էր, հանդիսատեսը՝ բաւարարուած եւ ուսուցիչը՝ գոհունակ։