«Արփա» Հիմնարկի Նորարարութեան Տարեկան Մրցոյթը
Հայաստանի համալսարանական ուսանողներու համար կազմակերպուող «Արփա» հիմնարկի նորարարութեան տարեկան մրցոյթին առաջին մրցանակը 2000 տոլար է, 2րդը՝ 1000, 3րդը՝ 600, իսկ 4րդը՝ 400։ Մասնակցութեան պայմաններուն ծանօթանալու համար, այցելել www.ARPAinstitute.org կայքը, իսկ հարցումներու համար, դիմել info@ARPAinstitute.org հասցեին։
Ներկայացուած գործերը պիտի արժեւորուին բարձրակարգ մասնագէտներու կողմէ: Լաւագոյնը պիտի համարուի այն աշխատանքը, որ լիովին կը համապատասխանէ հետեւեալ պայմաններուն.
ա. Կը գերազանցէ նմանօրինակ աշխատանքները
բ. Անոր բացատրականին կցուած են բաւարարաչափ փորձարարական արդիւնքներ եւ հաշուարկումներ։
Հիմնարկի նորարարութեան մրցումին մասնակցելու ժամկէտը Մայիս 30ն է։
Մրցանակներու բաշխումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: