Հակառակ տեղացող անձրեւին, ցուցարարները գետին պառկած են՝ մահացած ձեւանալով, մինչ «Լէյքըրզ»ի հազարաւոր համակիրներ «Սթէյփըլզ» կեդրոնէն դուրս կու գային։
Անոնք հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ կ՛երեւէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած արշաւի համացանցային հասցէն՝ #ArmenianGenocide։ Կարգ մը համակիրներ միացած են ցուցարարներուն։
Այս լուռ ցոյցէն ետք, ցուցարարները նաեւ քայլարշաւ մը կատարած են շրջանին մէջ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թղթիկներ բաժնելով։
ՀԵԴի «100 Days of Action» նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին կամ ayf@ayfwest.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.