
ՎԵՆ ՆԱՅՍ.- Բուն Բարեկենդանի օրը՝ Կիրակի, Փետրուար 15ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագին ներկայ էին քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ներկայացուցիչը:
Սրբազանը իր քարոզի աւարտին մասնաւոր պատգամ յղեց Կիրակնօրեային՝ շեշտելով վարժարանին կարեւորութիւնը, նուիրեալ դաստիարակներու միջոցաւ հոգեւոր գիտելիքներու տիրանալը եւ ապագային զանազան պաշտօններով ծառայելը եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին, սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ կից նոր գնուած կալուածը, ուր ան կատարեց մատաղի օրհնութիւն, ապա տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատման արարողութիւն ու Օրհնութեան կարգ՝ նոր կալուածին:
Սրբազանը շնորհաւորեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանը, Ծխական խորհուրդը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց բաժինը բերած էին ի նպաստ այս կալուածի գնման:
Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ «Գարակէօզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որ պատրաստուած էր տիկնանց միութեան կողմէ. ընթացքին գործադրուեցաւ արժանավայել յայտագիր մը: Հաւատացեալներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս նոր կալուածի գնման համար եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան: