ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– 2015 թուականի Յունուարին դրամատնային համակարգի միջոցով, ոչ առեւտրական նպատակներով անհատներու անունով Ռուսիայէն Հայաստան կատարուած փոխանցումները նախորդ տարուան Յունուարին հետ բաղդատելով նուազած են 43.1 տոկոսով՝ կազմելով 37.2 միլիոն տոլար։ Այս մասին նշուած է Կեդրանական դրամատան կայքին վրայ։
Հաշուետու ժամանակաշրջանին հանրապետութիւն կատարուած մասնաւոր փոխանցումներու համախառն ծաւալին մէջ ռուսական փոխանցումներու մասնաբաժինը կազմած է մօտ 68.4 տոկոս:
Հայաստանէն Ռուսիա դրամական միջոցներու արտահոսքը Յունուարին կազմած է 11.12 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աւելնալով 6.3 տոկոսով:
Այսպիսով, Ռուսիայէն Հայաստան կատարուած մասնաւոր փոխանցումներու զուտ ներհոսքը կազմած է 26 միլիոն տոլար՝ Յունուար 2014ին հետ բաղդատելով նուազելով 52.6 տոկոսով:
Կեդրոնական դրամատան տուեալներուն համաձայն՝ Ռուսիայէն Հայաստան կատարուած փոխանցումները 2014ին նուազած են 10.7 տոկոսով՝ մինչեւ 1.4 միլիառ տոլար: Կայ նաեւ այն, որ ասիկա 2009էն ի վեր Ռուսիայէն Հայաստան կատարուած մասնաւոր փոխանցումներու առաջին անկումն է:
Ռուսական փոխանցումներու նուազումը առնչուած է տարեսկիզբէն ի վեր ռուբլիի աւելի քան 50 տոկոս արժեզրկմամբ:
Հայաստանի մէջ ռուբլիի փոխարժէքը Յունուարին կազմած է 7.41 դրամ՝ 2014ի Յունուարին արձանագրուած 12.04 դրամի փոխարէն:
Կեդրոնական դրամատան տուեալներով՝ Յունուար 2015ին երկիր կատարուած դրամական փոխանցումներուն քանակը կազմած է աւելի քան 54.2 միլիոն տոլար՝ Յունուար 2014ին հետ բաղդատելով նուազելով 34.8 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.