Նախարարը շնորհաւորած է դեսպանը՝ դիւանագիտական իր առաքելութեան համար, յաջողութիւններ մաղթած է այս դժուար եւ պատասխանատու աշխատանքին մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան կառավարութեան հետ, մասնաւորապէս, դեսպանատան հետ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները, հետագայ փոխգործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ պիտի դառնան:
Դեսպան Միլզ բարձր գնահատած է վերջին տարիներուն կենսաթոշակային ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումները, հետաքրքրուած է այս ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներով:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Արտեմ Ասատրեան ներկայացուցած է երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, մասնաւորապէս, շուրջօրեայ խնամք ապահովող հաստատութիւններու բեռնաթափման, այլընտրանքային ընկերային ծառայութիւններու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները: Նախարարը անդրադարձած է նաեւ համարկուած ընկերային ծառայութիւններու համակարգի ներդրման՝ կարեւորել նկատելով մէկ դիմումով ընկերային ամբողջական ծառայութիւններէն օգտուելու փաթեթը:
Անգամ մը եւս բարձր գնահատելով եւ կարեւորելով ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները՝ դեսպանը յաջողութիւն մաղթած է նախարարին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.